2013-10-11 11:38:55

''Մարիամին հետ գիշերուընէ անդին'' խորագրով` աղօթքի հսկում.


Շաբաթ, 12 հոկտեմբերի երեկոյեան, Հաւատոյ Տարւոյն ծիրէն ներս, Վատիկանի մէջ 12 եւ 13 հոկտեմբերին նշուած` Մարեմեան օրերու առթիւ, Հռոմի ''Տիվինօ Ամորէ - Աստուածային Սէր'' Մարեմեան Սրբավայրին մէջ, Հռոմի Թեմի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Քահանայապետական նոր աւետարանութեան խորհուրդին, կազմակերպուած է ''Մարիամին հետ գիշերուընէ անդին'' խորագրով աղօթքի հսկում մը։

Աղօթքի հսկումի սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միաժամանակ աշխարհի այլ 10 սրաբայրերու մէջ որոնք իրարու հետ պիտի կապուին արբանեակի միջոցաւ։

Հսկումը սկիզբ կ՛առնէ Ֆադիմայի Տիրամօր արձանի ժամանումով եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատկերասփռուած պատգամով։ Ապա նախատեսուած է Սուրբ Վարդանաի ջեռմերանդական աղօթքը եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը որուն ընթացքին պիտի կարդացուին ''վարք սրբոցի'' գիրքէն հատուածներ։ Երկրորդ օրը` կիրակի առաւօտեան կանուխ, ժամը 5-ին, Հռոմի Թեմի օգնական եպիսկոպոս` Գերապայծառ Լորէնցօ Լիուցցին պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որով կ՛եզրափակուի Մարեմեան աղօթքի հսկումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.